1. Ծածանին դրօշակք մեր, ով քաջ պատանիք,
Կը կանչէ մեր Տէրը, օն մի՛ յապաղիք:
Մինչ ունինք կայտառ սիրտ, զօրաւոր ձեռքեր,
Կատարենք մեր պարտքը, օն, յառաջ ի վեր:
Կրկ. Ծածանի դրօշակք մեր, Աստուած զօրավիգ.
Ծածանի դրօշակք մեր, ով քաջ պատանիք:
2. Կեանքն է մեր առջեւը, ընտրենք մեր ճամբան.
Քրիստոս, Եկեղեցին մեզ նշանաբան:
Հաստատուն ջանքով մենք տանինք յաղթանակ.
Յիսուսի համար վեր բռնենք մեր դրօշակ:
Կրկ.
3. Ծածանին դրօշակք մեր, աշխոյժ պատանիք.
Յիսուսի հաճոյ են անձնուէր հոգիք:
Աշխարհիս հաճոյքը, գանձն ու փառքն թողունք,
Յիսուսի համար միշտ ապրինք, ով մանկունք:
Կրկ.
4. Ծածանին դրօշակք մեր, Յիսուսի պէս յար
Ապրինք ու մեռնինք ալ Իր փառաց համար:
Յուսանք, հաւատանք թէ Տէրն է օգնական.
Պիտ՝ յաղթենք մեղքին ալ, պիտ՝ յաղթենք մահուան: