Բարեկամ մը ունիմ ես,
Կը հոգայ բոլոր պէտքերս,
Փրկիչըս է թանկագին.
Հաւատքի աչքով վըսեմ,
Շարունակ զինք կը տեսնեմ,
Իմ հետըս միշտ կը մնայ:
Կրկ.
Ալէլուիա, ես կը քալեմ Փրկիչիս հետ,
Իմ թանկագին Փրկիչիս հետ,
Զիս կը պահէ անհուն սիրով իր մէջ յաւէտ
Եւ ես երբէք չեմ քալեր մինակ:
Արեամբ լուաց իմ մեղքերս,
Երբ Ան մտաւ դռնէն ներս,
Փրկիչըս իմ թանկագին.
Բուժեց վէրքերն իմ սրտիս,
Խաղաղցուց թշուառ հոգիս,
Եւ կ՛օրհնէ զիս ամէն օր:
Կրկ.
Ալէլուիա, ես կը քալեմ Փրկիչիս հետ,
Իմ թանկագին Փրկիչիս հետ,
Զիս կը պահէ անհուն սիրով իր մէջ յաւէտ
Եւ ես երբէք չեմ քալեր մինակ:
Փորձութեան մէջ երբ իյնամ,
Ժըպիտ մը ես կը ստանամ,
Փրկիչէս իմ թանկագին.
Կուրծքն է գլխուս յենարան,
Չիք այլուր հանգըստարան,
Մեծ օգնական է ինծի:
Կրկ.
Ալէլուիա, ես կը քալեմ Փրկիչիս հետ,
Իմ թանկագին Փրկիչիս հետ,
Զիս կը պահէ անհուն սիրով իր մէջ յաւէտ
Եւ ես երբէք չեմ քալեր մինակ:
Բիւրեղեայ, ջինջ ծովուն քով,
Շինեց տուն մը իր ձեռքով
Փրկիչըս իմ թանկագին.
Երբ անցնի երազն կեանքի,
Տէրն զիս այն տուն կը տանի,
Լուսոյ մէջ հոն յաւիտեան:
Կրկ.
Ալէլուիա, ես կը քալեմ Փրկիչիս հետ,
Իմ թանկագին Փրկիչիս հետ,
Զիս կը պահէ անհուն սիրով իր մէջ յաւէտ
Եւ ես երբէք չեմ քալեր մինակ:
|